Քառասունքի Հոգեհանգիստ հանգուցեալ Ովսաննա ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ԿՏԱՆԵԱՆ-ի

 

ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու մեր սիրելի մօր, զոքանչին, մեծմօր, հանգուցեալ՝

Ովսաննա ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ԿՏԱՆԵԱՆ-ի

մահուան քառասունքի լրման առթիւ հոգեհանգստեան արարողութեան:

      Հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 14:30-ին, Nussbaumen-ի եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի Տօնի՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին:

      Իսկ արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանգուցեալի հոգիին ու յիշատակին նուիրուած ընդունելութիւն:

     Առ ի տեղեկութիւն, հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2026 Հինգշաբթի օր, Պէյրութի մօտակայքը գտնուող հայաշատ Պուրճ Համուտ թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

   Սիրով կը հրաւիրուին ազգականք ու բարեկամք սոյն հոգեհանգստեան արարողութեան ինչպէս նաեւ Խաչվերացի Տաղաւարի Ս. Պատարագին:

     Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Հարազատները՝
Ներսէս եւ Թալին Պոսնոեան-Տէմիրճեան
Ժան եւ Հելկա Գասպարեան- Տէմիրճեան
Ռաֆֆի եւ Սվիթլանա Տէմիրճեան-Լուցէնքօ
Տիար Աբրահամ Տէմիրճեան

 

*Այս տխուր առթիւ Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք քահանայ Չէքիճեան եւ ծխական խորհուրդի անդամները իրենց խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնեն խորհուրդի ատենապետ Տիար Ներսէս Պոսնոեանին եւ իր կողակցին Տիկին Թալին Պոսնոեան-Տէմիրճեանին որու սիրեցեալ մայրն է հանգուցեալը: Տէրը լուսաւորէ հոգին:

EINLADUNG ZUM SEELENMESSE

 für den 40. Todestag von

Ovsanna DEMIRDJIAN-GDANIAN

* 10. Februar 1940 – † 2. August 2026

Wir laden Sie herzlich zur Seelenmesse für den 40. Tag nach dem Tod ein, welcher nach der Heiligen Messe in der Katholischen Kirche Nussbaumen, am Sonntag, 13. September 2026, um 14:30 Uhr stattfindet. 

Wir laden auch unsere Angehörigen und Freunde herzlich ein, an dieser Zeremonie und dem Aperitif am Ende der Seelenmesse teilzunehmen.

In liebevoller Erinnerung und Dankbarkeit

Fam. Nerses u. Talin Bousnaian-Demirdjian
Fam. Jean u. Helga Kasbarian-Demirdjian
Fam. Raffi u. Svitlana Demirdjian-Lutsenko
Herr Apraham Demirdjian

 

Möge Gott Ihre Seele erleuchten
Աստուած հոգին լուսաւորէ
Asdwadz hokin lusawore